2015-12-12 14:12:00

Մամլոյ Ասուլիս` Ինը Կարդինալներու 12-րդ նիստի մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 12 դեկտեմբեր 2015-ի կէսօրին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, Մամլոյ Ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց Քահանայապետի խորհրդական Ինը կարդինալներու` 10-12 դեկտեմբեր գումարուած 12-րդ նիստի մասին տեղեկութիւններ։

Հայր Լոմպարտի նախ յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապ մասնակցած է աշխատանքային բոլոր նիստերուն որոնց ընթացքին խորհուրդը ունկնդրութիւններ շնորհած է Վատիկանեան Կառոյցներու պատասխանատուներուն ի շառս որոնց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին։

Կարդինալական Խորհուրդը ապա ընդգծած է Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի հաստատութեան 50-րդ ամեակի առթիւ, անցեալ 17 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապին` ''սիւնհոդոսականութեան'' նիւթին մասին արտասանած ճառին կարեւորութիւնը ու որոշում գոյացուցած է այս մասին յատուկ նիստ մը գումարել յառաջիկայ փետրուար 2016-ին։

Խորհուրդը ապա քննարկած է երկու նոր ''կառոյցներու'' հայող հարցերը` ''Աշխարհական, ընտանիք կեանք'' եւ ''Արդարութիւն, խաղաղութիւն ու գաղթականութիւն'' որոնց ծրագիրը յառաջիկայ օրերուն իրականութիւն կը դառնայ։

Ուրբաթ 11 դեկտեմբերին խորհուրդը ապա ունկնդրութիւն շնորհած է Կարդինալ Ռէյնարտ Մարքսին` տնտեսութեան խորհուրդի նախագահ եւ Կարդինալ Ժորժ Փելին` տնտեսութեան քարտուղարութեան կառավարիչ, որոնք ներկայացուցին իրենց կառավարած կառոյցներուն աշխատանքներն ու գործունէութիւնները։

Ապա զրուցած է ''մանուկներու պաշտպանութեան'' քահանայապետական խորհուրդի նախագահը ու ներկայացուցած է այս առընչութեամբ կատարուած աշխատանքները։

Իսկ շաբաթ 12 դեկտեմբերի առաւօտեան կարդինալական խորհուրդը որոշեց խորհուրդի 2016 տարուայ աշխատանքային նիստերու թուականները` 8-9 փետրուար­ 11-13 ապրիլ, 6-8 յունիս, 12 – 1 4 սեպտեմբեր եւ 12 – 14 դեմետրեր, ընդամէնը հինգ նիստեր ինչպէս եղած է պարագան անցնող տարիներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.